2016-03-20 10:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ծաղկազարդի օրուայ թուիթը` ''Յիսուս քեզի կը վստահիմ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 20 Մարտ 2016-ին, Ծաղկազարդի տօնին եւ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ նշումին առիթներով, Ֆրանչիսկոս Պապի թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակուեցաւ թուիթ մը, որուն պարունակութիւնը  քաղուած է Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ 2016 տարուայ պատգամէն, որուն մէջ Քահանայապետը կը հրաւիրէ ընթանալ անվախ դէպի Յիսուս` ու սրտի խորքէն Անոր ըսել ''Յիսուս Քեզի կը վստահիմ''

''Անոր երթանք եւ վախ չունենանք։ Երթանք անոր մեր սրտի խորքէն ըսելու ''Յիսուս Քեզի կը վստահիմ'' (ԵՀՕ 2016 պատգամ)։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ հրատարակած թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.